2016-05-26 09:07:00

Սուրիա – խոյս տալ թէ մնալ` Հալէպի բնակիչներուն ողբերգութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Վերջին 30 օրերուն աւելի քան 330 քաղաքացիներ, ներառեալ 74 մանուկներ, իրենց կեանքը կորսնցուցին Հալէպ քաղաքին մէջ'' կը տեղեկագրէ Մարդու Իրաւունքներու սուրիական Դիտարանը յայտնելով թէ զոհերը թիրախ եղած են թէ կառավարական թէ ընդդիմադիր զինեալներու ռմբակոծումներուն։

Անցեալ շաբաթ օրը ընդդիմադիր զինեալները ռմբակոծած են ֆրանչիսկեան հայրերու նշանաւոր ''Terra Santa'' ճեմարանը, պատճառելով երեք մեռեալ։ Ճեմարանը կը հիւրընկալէ 20 ծերեր։ Ճեմարանին տնօրէնը հայր Lutfi Fìras հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ. ''Հալէպ քաղաքը ամենէն հալածուած ու ռմբակոծուած քաղաքն է Սուրիոյ մէջ։ Մեր ճեմարանը կը հիւրընկալէ քաղաքի քրիստոնեաները մեծն ու փոքրը, միակ վայրն էր ուր կարելի էր խաղաղ ժամանակ անցնել, մաքուր օդ շնչել ու խաղալ։ Շաբաթ օրը դժբախտաբար թիրախ եղանք ռմբակոծումի մը, որ ահ ու թող պատճառեց բոլոր հիւրերուն։ Մէկ տարի է ի վեր մեր տունը կը հիւրընկալէ 20 հիւանդ ծերեր, որ փախած էին ռմբակոծումէ մը։ Զանոնք ընդունեցանք սիրով ու գորովով։ Դժբախտաբար կը թուի թէ ընդդիմադիր զինեալները աւելի հուժկու զէնք ու ռումբեր ստացած են։ Այդ վերջին ռմբակոծումով մեզի ապացուցեցուցին թէ ապահով վայր մը չկայ Հալէպի մէջ։ Անհատը որ տունէն դուրս կու գայ աշխատելու կամ գնումներ ընելու այլեւս վստահ չէ եթէ ողջ առողջ տուն կը վերադառնայ։ Դժբախտաբար քրիստոնեաներու երկու երրորդը արդեն թողած են իրենց տուները եւ հեռացած եւ այս ընթացքով հնարաւոր է որ Հալէպը պարպուի ու զրկուի քրիստոնեաներու ներկայութենէն։ Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաները միշտ եղած են առաջնակարգ, յառաջադէմ նոյնպէս եւ աշխատանքի, արուեստի ու արհեստի մէջ։ Քրիստոնեաները միշտ սատարած են երկրի զարգացումին ու բարգաւաճումին։ Նախքան Սուրիոյ տագնապը, երկրին մէջ կ´ապրէին շուրջ 2 միլիոն քրիստոնեաներ, 60 տոկոսը արդէն գաղթած է և մնացած 40 տոկոսը կացութեան վատթարացումին ի տես պիտի ստիպուին իրենց կարգին թողուլ իրենց տուները ու արտագաղթել։ Երբ ընտանիք մը ինծի ըսէ պիտի թողում երկիրը, թախիծ մը կը պատէ սիրտս, ես ինծի կը հարցադրեմ ու՞ր պիտի երթայ, չկան դեսպանատուներ որ անցագիր կու տան սուրիացիներուն, հետեւաբար պարտադիր են ծովու ճամբան առնել ու նաւաբեկութեան վտանգը նկատի առնել, ու թիրախ դառնալ քրէական խմբաւորումներու չարաշահուին։ Ու երբ ինծի ընտանիք մը ահազարհուր հարցում մը ուղղէ. վարդապետ ի՞նչ ընեմ, մնամ թէ երթամ, չեմ գիտեր ինչ պատասխանել։ Ահա թէ ինչու կոչ կ´ուղղեմ միջազգային հասարակութեան որ լուրջ յանձնառումով լուծէ Սուրիոյ տագնապը ու գաղթականները չնկատուին լոկ թիւ մը։ Ամէնքս Աստուծոյ առջեւ պիտի ներկայանանք, անոնք տառապող մեր եղբայր ու քոյրերն են։ Մենք կը յուսայինք որ խաղաղութեան հանդիպումները, կլոր սեղանները տեսութիւն մը ունենային, դրական առաջարկ մը ներկայացնէին` խաղաղութիւն հաստատելու սուրիացիներու սիրտերուն մէջ ... Ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ ու մնալ առանց վճռական որոշումի մը` վերջ դնելու այս պատերազմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.